Ըստ ֆրանսական քրէական օրէնսգրքի՝ երբ երկրի մը
                                տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգի տակ է,
                                երկրին, պետութեան ղեկավարին, կառավարութեան կամ
                                անոր կառոյցներուն նկատմամբ անհաւատարմութիւնը
                                արժանի է որակաւորուելու որպէս մեծագոյն
                                դաւաճանութիւն կամ յանցագործութիւն:
                              
                            
                            
                              
                                Ներկայիս, տարածքային ամբողջականութենէն անդին,
                                մեր պետութեան գոյութիւնը վտանգի առջեւ է:
                                Հայաստանի գլխէն կախուած դամոկլեան սուրը մեզ կը
                                ստիպէ մէկդի դնելու բոլոր տարաձայնութիւնները,
                                համախմբելու մեր ներուժը եւ զայն ի գործ դնելու
                                մեր հայրենիքին համար: