Newsletter

Կառուցել Կամուրջներ Ազգը Համախմբելու

Սփիւռքը գոյութիւն չունի որպէս մտածող միութիւն: Չկայ ոչ մէկ միասնական մարմին, որ իր վրայ կը վերցնէ պատասխանատուութիւնը կարեւոր հարցերու, ինչպիսին է՝ ցեղասպանութեան ճանաչումը, որը ըստ վարչապետի առաջարկին՝ մենք, այլ խօսքով՝ Սփիւռքը պէտք է ստանձնենք: Կարեւոր է համախմբուիլ, սահմանել օրակարգ՝ առաջնահերթութիւններով եւ ժամանակացոյցով, հաշուի առնելով անհրաժեշտ միջոցները: Թեմաներ, ինչպիսիք են՝ Երուսաղէմի մէջ հայկական կալուածներու պաշտպանութիւնը, Միջին Արեւելքի մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող համայնքներու ճակատագիրը, Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն առաջ 600.000 հայ հաշուող համայնքի հարցը, կը քննարկուին առանց որ ոչ ոք պատասխանատուութիւն ստանձնէ:

Կարդալ յօդուածը՝


Ինչո՞ւ Լուռ Է Սփիւռքը

facebook-template-1

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները այն չեն, ինչ որ էին նախապէս, եւ հարցը մտածողութեան, ըմբռնողութեան, պետականութեան ամրացման, ազգային դիմագիծի, իրաւունքներու կառչած ըլլալու, հասկնալու, լսելու եւ հասկցուելու կը վերաբերի:
Սփիւռքը լո՞ւռ է Հայաստանի հաշուոյն: Սփիւռքը լուռ է պառակտումը չխորացնելո՞ւ համար: Սփիւռքը լուռ է յուսախաբութեա՞ն պատճառով:
Սփիւռքի լռութիւնը պէտք է մտահոգէ Հայաստանի պետութիւնը:

Կարդալ յօդուածը՝

Հետեւեցէք մեզ

Եթէ չէք փափաքիր ստանալ «DiasporArm»-ի առաքումները, կրնաք ձեր բաժանորդագրութիւնը դադրեցնել այստեղ։